2014-06-02 12:54:24

Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետի գործունէութիւնը` Զիմպապուէի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը։


Երկուշաբթի, 2 Յունիս 2014-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը իր գրասենեակին մէջ ընդունեց` Ազրպէյճանի ''Հէյտար Ալիեւ հիմնարկի'' նախագահ` Մեհրիպան Ալիեւան ու անոր ընկերացող շքախումբը։

Սրբազան Հայրը ապա ունկնդրութիւն շնորհեց Զիմպապուէի եպիսկոպոսական համահաւաք դասի եպիսկոպոսներուն որոնք հռոմ ժամանած են իրենց հնգամեայ կանոնական այցելութիւնը կատարելու ս. Պետրոսի յաջորդին։ Յայտնենք որ Զիմպապուէի եպիսկոպոսներու այս այցելութիւնը նախատեսուած էր անցեալ 28 ապրիլին։ Զիմպապուէն ունի 390,757 քմ քառակուսի տարածք եւ 13 միլիոն բնակչութիւն, որուն 11 առ հարիւրը կաթողիկէ են։
Զիմպապուէի կաթողիկէ Եկեղեցին ունի երկու աւագ թեմ եւ 6 թեմեր։

Եպիսկոպոսական համահաւաք դասը հաստատուած է Սուրբ Աթոռի կողմէ` 1 հոկտեմբեր 1969-ին։ Համաւաք դասի նախագահն է գերապայծառ Ալէքսիօ Մուքապայուա մինչ Զիմպապուէի մօտ առաքելական նուիրակն է գերապայծառ Մարքօ Ֆորմիքա։

Զիմպապուէի Եպիսկոպոսներուն յանձնած իր ճառին մէջ, Սրբազան Հայրը շեշտը դրաւ Զիմպապուէի մէջ Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ գործունէութեան, գոհութիւն յայտնելով առ Աստուած, Եկեղեցւոյ բեղուն առաքելութեան համար իր բոլոր կառոյցներով, ու յատկապէս աղքատներուն ցուցաբերած խնամքին ու հոգատարութեան։ Սրբազան Հայրը ապա խօսեցաւ Երկրին մէջ տիրող լարուածութեան մասին եւ այս առընչութեամբ ընգծեց քրիստոնեաներուն ու Եկեղեցւոյ խաղցած դերակատարութիւնը, յանձնարարելով Եպիսկոպոսները առաջնորդելու հաւատացեալները դէպի միութիւն եւ հաշտութիւն, Աւետարանի եւ Յոյսի քարոզութեամբ եւ Սուրբ խորհուրդներու մատակարարութեան ընդմէջէն։

Սրբազան Հայրը հրաւիրեց եպիսկոպոսները, աշխատելու քահանաներու միջեւ միութիւնը զարգացնելու, ու անոնց միջեւ ծագած վէճերը կասեցնելու, ինչպէս նաեւ գործելու նոր կոչումներու ու անոնց պատշաճ կազմաւորումին ի նպաստ։ Զիմպապուէի ապագան կախեալ է կազմաւորումէն – ըսաւ Քահանայապետը – եւ քահանաներուն կից եկեղեցին պէտք ունի նաեւ անձնուէր եւ լաւ կազմուած կրօնուսոյցներու որոնք կ՛աջակցին կղերի գործունէութեան։ Նորին Սրբութիւնը ապա ակնարկեց երիտասարդներու ամուսնական կեանքի նախապատրստութեան հարկաւորութեան, անոնց փոխանցելով Եկեղեցւոյ բարոյական վարդապետութեան ուսուցումը` կեանքի եւ սիրոյ վերաբերեալ։

Պատգամին աւարտին Սրբազան Հայրը եպիսկոպոսներուն վրայ հայցեց Աստուածային օրհնութիւնները, մաղթելով որ այս հանդիպումը `Սուրբ Պետրոսի յաջորդին հետ, հանդիսանայ որպէս խթան, Աստուածոյ խօսքին ի սպաս աւելի աշխուժ ծառայութեան, որպէսզի Զիմպապուէի կաթողիկեները ըլլան Ափրիկէի աղը եւ աշխարհի լոյսը։








All the contents on this site are copyrighted ©.